2015-01-19 09:49:22

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը` համամիութիւնը խաղաղութեան ի նպաստ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի`18 յունուարին սկիզբ առաւ քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը (18-25 Յունուար)։ 2015-ի նիւթը առնուած է Յիսուսի սա խօսքէն. ‘’ջուր տուր ինծի խմելու’’։
Հայր Mansueto Bianchi` նախագահը իտալիոյ եպիսկոպոսական դասի համամիութիւն ու երկխօսութիւն յանձնախումբին, խօսելով միութեան աղօթքի շաբաթուայ մասին բացայայտեց թէ` Անցեալ տարի ֆրանչիսկոս Քահանայապետը եզրափակելով քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը ըսաւ. ''Միասնաբար քալել ինքնին միութիւնը իրագործել է։ Միասին քալելով կը կերտենք խաղաղութիւնը։ Համամիութենական երկխօսութիւնը հիմնական տարր մըն է զարգացնելու քաղաքակրթութիւնը եւ քաղաքակրթութիւն կը նշանակէ խաղաղութիւն, կը նշանակէ տնտեսական նոր դրութիւն, կը նշանակէ նոր կապեր հաստատել ժողովուրդներու ու երկիրներու միջեւ։ Հետեւաբար համամիութենական երկխօսութիւնը հիմնակէտ է խաղաղութեան, Աստուծոյ խաղաղութիւնը որ կը հաստատուի մարդկութեան մէջ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.